2014-12-11 13:18:50

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 11 դեկտեմբերի քարոզը` Աստուած մեզ կը սիրէ մօր մը նման։


(Ռ.Վ.11 դեկտեմբեր 2014) ''Աստուած մօր մը նման, ձրիաբար մեզ կը սիրէ, բայց յաճախ, սոյն սիրոյ շնորհքը հոգեւոր հաշուետուութեան կը վերածենք''։
Հինգշաբթի, 11 դեկտեմբերի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը ներշնչուելով օրուայ Եսայի Մարգարէի սուրբ գրային ընթերցումէն յայտնեց թէ Աստուած իր ժողովուրդը կը փրկէ ոչ թէ հեռուէն այլ՝ քնքշութեամբ մօտենալով անոր։
Աստուծոյ մօտեցումը իր ժողովուրդին նման է մօր մը որ կը խօսի եւ գեղեցիկ մեղեդիներ կ՝երգէ իր մանուկին։ Մանուկը իր կարգին ամբողջովին իր մօր սիրոյ կը յանձնուի։ Ասիկա է Աստուծոյ շնորհքը, հաստատեց Սրբազան հայրը ՝ յանձնուիլ ամբողջութեամբ Աստուծոյ անվճար սիրոյ, առանց որ սոյն շնորհքը հաշուետուութեան, վաճառականութեան ենթարկելու։
Ֆրանչիկսոս Պապը թուելով զանազան օրինակներ որոնց շարքին Փարիսեցիներու՝ օրէնքներու պատճառաւ ստրկացած իրավիճակը, որոնք օրէնքները յարգելով կը կարծէին, թէ Աստուծոյ կամքը կատարուած ըլլար, ընդգծեց թէ Աստուծոյ Սէրը ձրի եւ զուրկ է պայմաններէ, Աստուծոյ շնորհքը մօտիկութիւն եւ քնքշութիւն է, ասիկա հրամայական է հասկնալու համար մեր յարաբերութիւնը Յիսուսի հետ ու մեր միջեւ, ապա թէ ոչ ընկալած չենք ըլլար Աստուծոյ մօտիկութեան շնորհքը։
Սրբազան Հայրը հրաւիրեց քաջութիւն ունենալու բանալու մեր սրտերը Աստուծոյ քնքշութեան, անդրադառնալու համար թէ որքան հոգեւոր ազատութիւն կը գտնուի այնտեղ։
Քարոզին աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրեց մեր տուներուն մէջ կարդալու Եսայի Մարգարէի գիրքէն գլուխ 41։ 11-31 համարները, ուր՝ կը գտնենք - ըսաւ Ան - Աստուծոյ քնքշութիւնը. եւ Աստուծոյ՝ մօր մը նման իր մանուկներուն երգած ''օրօր օրօր'' երգը։







All the contents on this site are copyrighted ©.